«Քաղաքավարութեան վնասները» (1886-1887) կենցաղային նիւթերու շարք մըն է, որ կ'ընդգրկէ 19 պատմուածք՝ արտաքուստ՝ զավեշտական, սակայն իրականութեան մէջ՝ տխուր ու տագնապալի: Հերոսներն օտարամոլութեան ու խաբէութեան զոհեր են՝ անհատականութիւնէ զուրկ և բռնադատուած քաղաքավարութեան կեղծ օրէնքներով: Կենցաղային պատկերներու միջոցով ներկայացուած Պարոնեանի երգիծանքը իրականութեան քննադատութիւնը անցնելով փիլիսոփայական մեծ ընդհանրացումներու կը հասնի: